Թուֆենկյան հիմնադրամի գործադիր տնօրեն Րաֆֆի Դուդակլյանն իր ֆեյսբուքյան էջում գրել է․

«Այն, որ Հայաստանի դատական համակարգը փտտած է՝ բոլորը գիտեն:
Այն, որ Հայաստանի արդարադատութեան հանդէպ յարգանք ու վստահութիւն չկայ՝ բոլորը գիտեն։
Այն, որ դատաւորները մեծաւ մասամբ պաշտպանած են քրէաօլիգարխիկ դասակարգի շահերը՝ բոլորը գիտեն։
Այն, որ Հայաստանի արդարադատութիւնը սպասարկած է վերին իշխանաւոր խաւի՝ շահագործող ու զեղծումներով ընտրուող մարդոց շահերը՝ բոլորը գիտեն։

Այն, որ անկախ դատական իշխանութիւն չկար եւ չկայ՝ բոլորը գիտեն։
Այն, որ դատաիրաւական ամբողջ համակարգը շուտով պէտք է ամբողջովին բարեփոխուի՝ դարձեալ բոլորը գիտեն։
Բայց ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս՝ դեռ պատասխան չենք ստացած։
Գիտենք, որ միջազգային հայ բարձրամակարդակ իրաւագէտներու մասնակցութեամբ արդարադատական բարեփոխումները անխուսափելի են։

Մինչ այդ, անցումային արդարադատութիւնը, համաշխարհային փորձ ունեցող եւ յայտնի իրաւագէտներու եւ աշխարհասփիւռ հայ դատաւորներու մասնակցութեամբ, եւ ՀՀ սահմանադրութեան եւ Հայաստանի շրջանային ու միջազգային պայմանագրերու յարգումով՝ կը մնայ հնարաւոր ելքերէն մէկը։
Հինը մերժուած էր անցեալին, մերժուած կը մնայ այսօր։

Իսկ հինին պատանդ մնալ, կը նշանակէ երկիրը պահել միջնադարեան ոճով դատական պրակտիկայի գերին։ Կը նշանակէ երկիրը պահել անարդարութեան մէջ»։