Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ-HDP) անդամ Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ հարցում ուղղած է:

Փայլան` Սոյլուին հասցէագրած իր հարցադրման մէջ մանրամասնօրէն նկարագրած է պատրիարքարանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, շեշտելով, որ այն պարագային, երբ հայ համայնքը կը ցանկար նոր պատրիարք ընտրել, պետութեան միջամտութիւնը այս ընտրութեան ոչ այլ ինչ է՝ քան հայ համայնքի իրաւունքներու ոտնահարում:

«Պետութիւնը արդեօք ի՞նչ հիմնաւորումով կը մասնակցի հայ համայնքի պատրիարքի ընտրութեան: Ներկայ պատրիարքը` Մեսրոպ Մութքաֆեանը, իր այս հիւանդութեամբ, բժշկութեան օգնութեամբ կրնայ երկար տարիներ ողջ մնալ: Այդ պարագային, երբ կը յայտարարէք, որ մինչեւ պատրիարքը չմահանայ ընտրութիւն պիտի չլլայ, նկատի ունիք, որ պատրիարքարանը երկար տարիներ պիտի կառավարուի ձեր նշանակած կառավարիչին կողմէ՞:

Բացի այդ, Ապրիլ 16-ին տեղի ունեցած հանրաքուէէն ետք նախագահ Էրտողան պահաջեց, որ սեղմ ժամկէտներու մէջ պատրիարքի ընտրութեան հարցը կազմակերպուի: Ատկէ ետք արդեօք ի՞նչ փոխուեցաւ եւ ինչո՞ւ ան փորձեց խոչընդոտել ընտրական գործընթացը:

Նախագահ Էրտողան Յունաստան կատարած այցի ժամանակ քննադատեց, որ Արեւմտեան Թրակիոյ մէջ մուֆթիի ընտրութիւնները տեղի չեն ունենար: Այդ պարագային ինչպէ՞ս կը գնահատէք Թուրքիոյ մէջ երկար տարիներ հայ պատրիարքի ընտրութեան խոչընդոտումը, եկեղեցական աւանդոյթները արհամարհելով, պետութեան կողմէ մէկը որպէս կառավարիչ նշանակելը եւ այդ որոշումները հայ համայնքին պարտադրելը»,-կ՛ըսուի հայ պատգամաւորին հարցադրման մէջ:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 5-ին Պոլսոյ նահանգապետարանը պատրիարքարան նամակ ուղարկած էր, որով անվաւեր կը համարէր պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանի ընտրութիւնը եւ այդ ընթացքին անոր ընդունած որոշումները, իսկ պատրիարքութեան ղեկավար կը ճանչցուէր Արամ Աթէշեանը: Նամակին մէջ կ՛ընդգծուէր, որ պատրիարքի ընտրութիւններ չեն կրնար տեղի ունենալ, քանի դեռ ողջ է Մեսրոպ Մութաֆեան պատրիարքը: