Մայիս 29, 2014թ-ին էր. Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանա մեկնած էր, մասնակցելու՝ մաքսային միութեան անդամ երկիրներու գագաթաժողովին: Հայաստանը, միութեան պայմանագիրը ստորագրելէ ետք, 1 Յունուար, 2015-էն սկսեալ պիտի դառնար մաքսային միութեան անդամ: Գագաթաժողովին ներկայ էին բնականաբար Ռուսաստանի, Բելառուսի, Ղազախստանի և Կիրքիզիստանի նախագահները: Ժողովը կը սփռուէր կենդանի՝ միութեան անդամ բոլոր երկիրներուն մէջ: 

Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարբաևը, գագաթաժողովի հիւրընկալը, հանդիսաւոր կերպով բեմ բարձրացաւ: Նա խօսեցաւ Մաքսային Միութեան մասին, միութիւն մը, որուն անդամակցելու յայտ ներկայացուցած էր Հայաստանը և պիտի ստորագրէր համապատասխան պայմանագիրը: Նազարբաևը յանկարծ սկսաւ արտայայտուիլ Հայաստանի միութեան միանալու պայմաններուն մասին, խօսքը ուղղելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի: Մենք, ըսաւ Նազարբաև, նամակ ստացած ենք Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիևէն: Ան դէմ է, որ Հայաստանը Եւրասիական տնտեսական միութեան միանայ Ղարաբաղի հետ միասին: Մենք չենք կրնար ընդունիլ Ղարաբաղի ներկայութիւնը միութենէն ներս: Նախապայմանը յստակ է, Հայաստանը միութեան կրնայ միանալ միայն առանց Ղարաբաղի: 

Հայաստանի նախագահը ձայն ու ծպտուն չհանեց, հակառակ ստեղծուած խայտառակ վիճակին, մանաւանդ երբ Նազարբաևը կը փոխանցէր Ադրբեջանի՛ նախագահին նախապայմանը, ի՛ր իսկ խոստովանութեամբ: Նամակ ստացած էր Բաքուէն և պատգամը յստակ էր... 

Բացայայտ էր, սակայն, Սերժ Սարգսեանի վրդովմունքը, բայց ի՞նչ կրնար ընել ղեկավար մը, որ իր իսկ խոստովանութեամբ, մէկ գիշերուան մէջ որոշած էր Հայաստանը միացնել սովորական բռնատէրեր և անյաջող տնտեսութիւններ ունեցող երկիրներու մաքսային միութեան: Այնտեղ էր ներկայացնելու երկիր մը ու ժողովուրդ մը ամբողջ, բայց ժողովուրդը իր հետ չէր, իր կողքին չէր: Եւ այսպէս, Սերժ Սարգսեանը կուլ տուաւ Նազարբաևի անարգանքը: Ոչ մէկ բառ արտասանեց և վերադարձաւ Հայաստան, ուր արդէն ոչ ոք կը սպասէր իր արդարացումներուն, քանի որ արդէն բոլորն ալ սկսած էին համոզուիլ, որ խեղճ ու թոյլ, անտէր ու անտիրական է Հայաստանը և միշտ ալ կախեալ պիտի մնայ Եւրասիական մաքսային միութեան բռնատէրերու ողորմութենէն: Չէ՞ որ նոյն այդ երկիրներն էին նաև Ադրբեջանը զինողները...

Հիմա վերադառնանք մեր օրերուն, մի քանի օր առաջ տեղի ունեցած դէպքերուն: Այս անգամ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գաղգաթնաժողովն է, Հաւաքուած են նոյն երկիրները, Տաճիկիստանն ու Ուզբեկիստանը նաև: Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ այս ղեկավարները ժողովրդավարութեան մօտ են այնքան, որքան լուսինը՝ մեր մոլորակին: Օրակարգի գլխաւոր թեմաներէն մէկը՝ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի ընտրութիւնն է: Նախկին գլխաւոր քարտուղարը՝ Խաչատուրովը, պաշտօնէն հրաժարած էր, որովհետև դատական շատ լուրջ խնդիրներ ունի Հայաստանի մէջ: Իսկ հիմա՝ Բելառուսի նախագահը կը պնդէ, որ նոր Ընդհանուր Քարտուղար ունենալու իրաւունքը իրն է, հակառակ անոր, որ Խաչատուրով պիտի պաշտօնավարէր մինչև 2020: Բայց Նիկոլ Փաշինեան կը հակառակի Բելառուսին և կը շեշտէ, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը Հայաստանին պիտի մնայ: Ռուսաստանը լուռ է, հաւանաբար կ'ուզէ Հայաստանը անկիւն հրուած տեսնել, ինչպէս որ ըրաւ Սերժ Սարգսեանին՝ 4 տարի առաջ: Կը սկսի դռնփակ նիստը, որ ըստ մամուլին սպրդած որոշ տեղեկութիւններու, կ'ընթանայ բաւական լարուած մթնոլորտի մէջ: Բելառուսի մենատէրը, յաւերժ նախագահ Ալեքսանդր Լուկաշէնկոն ամէն գնով կ'ուզէ Հայաստանէն խլել ընդհանուր քարտուղար նշանակելու իրաւունքը: Փաշինեան կ'ընդիմանայ ու կը հակադարձէ: Որոշում չի կայացուիր, քանի որ Հայաստան կը մերժէ տեղի տալ և համախոհութիւն տեղի չունենար:

ՀԱՊԿ-ը հաւաքական պաշտպանութեան դաշինք է: Բոլորը պատասխանատու են իրենց անդամներու պաշտպանութեան: Եթէ մէկ երկիր ենթարկուի յարձակման, բոլորը պարտաւոր են միանալու այդ երկրի պաշտպանութեան: ՀԱՊԿ-ի անդամ չէ Ադրբեջանը: Բելառուսի յաւերժ նախագահը գագաթժողովի յաջորդ օրն իսկ հանդիպման կը հրաւիրէ Մինսկի մէջ Ադրբեջանի դեսպանը և տեղեկութիւններ կը փոխանցէ ՀԱՊԿ-ի դռնփակ նիստին մասին:

Ուրեմն, օր ցերեկով, դաշնակից երկիրներու փակ նիստի տեղեկութիւնները կը փոխանցուի ՀԱՊԿ-ի անդամ երկրի մը թշնամին հանդիսացող պետութեան ներկայացուցիչին: Փաշինեան խստօրէն կը դատապարտէ, ու կը յիշեցնէ, որ այլեւս ոչ ոք իրաւունք ունի Հայաստանին հետ այդպէս վարուելու, իսկ Բելառուսի բանբերը կը պատասխանէ դիւանագիտական շատ անպատշաճ լեզուով: Պարզ է՝ Լուկաշէնկոյի դաշնակիցը ՀԱՊԿ-ի իր գործընկեր Հայաստանը չէ, Ադրբեջանն է: Նոյնպէս եւ Ղազախստանինը:

4 տարի առաջ Ղազախստանն էր, որ մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը կը պայմանաւորէր Արցախի դուրս-մղումով, իսկ այսօր՝ Հայաստանի հետ հաւաքական պաշտպանութեան դաշինք կնքած երկրի նախագահը՝ Հայաստանի հետ պատերազմի մէջ գտնուող երկրին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ ՀԱՊԿ-ի փակ նիստին մասին:

Վաղուց արդէն յայտնի էր, որ թէ՛ մաքսային միութիւնը կամ Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը (ԵԱՏՄ) եւ թէ՛ ՀԱՊԿ-ը այլ բան չեն, քան միջազգային բեմին վրայ նախկին կայսերական դիրքերուն վերատիրանալու ռուսական նկրտումներուն ծառայող գործիքներ: Այնտեղ հաւաքուած երկիրները չունին քաղաքական միացեալ օրակարգ, չունին պաշտպանական միեւնոյն նպատակներ, չունին նոյնիսկ տնտեսական միասնական քաղաքականութիւն ու զարգացման տեսլական: Իսկ ամէնէն ցաւալին այն է, որ Հայաստանը մինչեւ վերջերս մենատիրական երկիրներու այս ակումբներուն մէջ շարունակաբար գտնուած էր սեփական շահերը զիջելու պարտադրանքին տակ՝ ընդունելով Ադրբեջանի համատարած քանդումի զէնքերու վաճառքը, դաշնակիցներու ճնշումները եւ հանրային արհամարական վերաբերմունքը: Դժբախտաբար, մեր երկրի նախկին իշխանաւորները, Հայաստանի շահերու պաշտպանութիւնը տեսած էին գլխաւորաբար «դաշնակից» երկիրներուն շահերուն սպասարկելու մէջ եւ սա համարած էին ու կը համարեն հասուն դիւանագիտութիւն, մեր բոլորին համոզելով, որ Հայաստանի շահերը այլ տեղ չեն գտնուիր, պէտք է ենթարկուիլ մեզի պարտադրուած պայմաններուն:

Բայց նախքան ՀԱՊԿ-ի եւ ԵԱՏՄԻ-ի մէջ Հայաստանի փրկութիւնն ու քաղաքական-տնտեսական շահը տեսնելը, արժէ նախ տեսնել, թէ այդ կազմակերպութիւններուն անդամները ինչպէ՞ս ընդունած են եւ կ'ընդունին Հայաստանը: Խստօրէն դատապարտա՞ծ են անոնք Հայաստանի սահմանային գիւղերուն վրայ ադրբեջանական յարձակումները, դադրեցուցա՞ծ են Ադրբեջանին մասսայական քանդումի զէնքերու մատակարարումը, յարգա՞ծ են Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, նկատի առա՞ծ են Հայաստանի աշխարհագրական իւրայատուկ դիրքը եւ տնտեսական իւրայատուկ յարաբերութիւններու անհրաժեշտութիւնը... Այն, ինչ որ տեսած ենք Նազարբաեւի եւ Լուկաշէնկոյի վերաբերմունքին մէջ, պարզապէս հակառակը կը փաստեն:

Ուրեմն ի՞նչ դիւանագիտութեան մասին է խօսքը: Երկրի մը գոյութեան իրաւունքը ընդունիլ տալը դիւանագիտական նուաճու՞մ է: Ժամանակն է, արդէն, որ այս երկիրները Հայաստանին վերաբերին հաւասարէ հաւասար, իբրեւ իսկական դաշնակիցներ: Եւ այս իմաստով շատ ճիշդ կ'ընէ Նիկոլ Փաշինեանը, երբ յստակօրէն կը հակադրուի Բելառուսի նախագահին եւ Ադրբեջանի հետ իր սիրաբանութեան համար հաշիւ կը պահանջէ: Ու պէ՛տք է պահանջէ, քանի որ այդպէս կը պահանջեն նախ եւ առաջ Հայաստանի՛ շահերը: Այլապէս, ոչ մէկ իմաստ ունի ՀԱՊԿ-ին կամ ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութիւնը:

Րաֆֆի Տուտագլեան