Թաթուլ Հակոբյանի «Կանաչ ու սև․ Արցախէան օրագիր» գրքից։ Գրքից հատվածը ներկայացված է արևմտահայերենով։

«10 Մայիս 1992ի առտուն Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Ռահիմ Ղազիեւը Մոսկուայի մէջ էր: Փաւել Կրաչովը Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար նոր նշանակուած էր:

ՙԿ’երդնում Ալլահով` ես ծնկաչոք եկայ եւ սկսայ աղաչել անոր. ՙՓաշա’, մենք չենք ուզեր ռուսերուն դէմ կռուիլ: Մենք զրահամեքենաներ չունինք: Մեզի զէնք ծախէ’՚: Երկար զրոյցէ յետոյ ան հեռաձայնեց բանակի զօրավար Նիքոլայ Փոփովին: Վերադարձայ Կեանճա: Ռազմական մեքենաները ՙԶանկելան՚ կայարանը կը ղրկուէին: Զրահամեքենաները հասան Ղուպաթլուի եւ Լաչինի միջեւ ինկած հատուածը, գլխաւոր սպայակոյտի այն ժամանակուայ պետի տեղակալ Սաֆար Ապիեւն ինծի համար անյայտ պատճառներով ձգեց զրահամեքենաներն ու զօրքը եւ հեռացաւ Լաչինէն: Ատիկա 11 Մայիսին էր: Այդ ժամանակ մենք Թուրշսուն եւ Լաչինը դեռ կը վերահսկէինք … Արիւնալի մարտեր կ’ընթանային, իսկ Ապուլֆազ Էլչիպէյի, Հէյտար Ալիեւի եւ Այազ Մութալիպովի կողմնակիցները Պաքուի մէջ հանրահաւաքները կը շարունակէին ու իշխանութեան համար կը պայքարէին՚:

Շուշիի դէպքերէն յետոյ` ներքաղաքական լարուածութիւնը գագաթնակէտին հասած էր: 14 Մայիսին Ատրպէյճանի Գերագոյն Խորհուրդի արտակարգ նիստին Մութալիպովը կը յայտարարէ, որ Խոճալուն եւ Շուշին կորսնցուցած են քաղաքական վրիպումներու հետեւանքով, եւ եթէ Պաքուն ռազմական հարցերով առճակատման մէջ չ’ըլլար Մոսկուայի հետ` Շուշին չէր գրաւուեր: Նոյն օրը ան կը վերականգնուի Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնին վրայ, զոր ընդամէնը մէկ օր կը տեւէ: Ժողճակատը Մութալիպովի վերադարձը կը գնահատէ իբրեւ ՙպետական յեղաշրջում՚ եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան կոչ կ’ընէ բնակչութեան: Հէյտար Ալիեւը հեռատեսիլային ելոյթին մէջ Մութալիպովի վերականգնումը ՙռազմապետական խռովութիւն՚ կ’որակէ: 15 Մայիսին Մութալիպովը կրկին, այս անգամ` վերջնականօրէն, կը հեռացուի իշխանութենէն: Ան ռուսական ռազմական ուղղաթիռով մը կը հասնի Մոսկուա, ուր ալ մինչեւ օրս կը բնակի:

16 Մայիսին Ատրպէյճանի մէջ իրավիճակը Ժողճակատը կը վերահսկէր: Գերագոյն Խորհուրդը կ’ընդունի Եաղուպ Մամէտովի հրաժարականը, 18 Մայիսին խորհրդարանի նախագահ կ’ընտրուի 35ամեայ պատմաբան-արեւելագէտ, Ժողճակատի հիմնադիրներէն Իսա Կամպարը, որ նաեւ կը ստանձնէ երկրի ղեկավարի լիազօրութիւնները մինչեւ նախագահական ընտրութիւն` փաստօրէն դառնալով ամենաերիտասարդ առաջնորդը նախկին խորհրդային տարածքին մէջ:

Մինչ Ատրպէյճանի մէջ իշխանափոխութիւն տեղի կ’ունենար, ղարաբաղեան ոյժերը կ’ազատագրեն Շուշիի շրջանի Բերդաձորի ենթաշրջանի հայկական գիւղերը, իսկ 18 Մայիսին վերահսկողութեան տակ կ’առնուի Լաչինը, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ ցամաքային միջանցք կը բացուի: Ատրպէյճանցի վերջին զինուորները Լաչինը լքած էին 16 Մայիսին: Ըստ Ղազիեւի` Լաչինի մէջ կային 7 միաւոր ՙԿրատ՚ կայանք եւ մեծ քանակութեամբ զինամթերք, սակայն հայկական ոյժերուն ուղղութեամբ որեւէ կրակոց չէ արձակուած, Լաչինի մէջ մարտեր չեն եղած:

Սամուէլ Պապայեանն իր կարգին կը հաստատէ, որ Լաչինի գործողութիւն, որպէս այդպիսին, ընդհանրապէս չէ մշակուած. ՙՇուշիէն ետք ատրպէյճանցիներու շրջանին մէջ խուճապային տրամադրութիւն կը տիրէր: Երբ մտանք Բերդաձոր` հակառակորդն ընդամէնը մէկ օր դիմադրեց: Անոնք կը փորձէին պահել բարձրունքը, որպէսզի ժողովուրդը հասցնէր դուրս գալ: Լաչինը Շուշիի եւ Լիսակորի մէջ մեր ունեցած յաջողութեանց ուղղակի հետեւանքն էր՚:

Լաչինի գրաւումով Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ 7 քիլոմեթրնոց միջանցքը կը վերացուի եւ նոր` մարդասիրական միջանցք կը ձեւաւորուի: Քանի մը տարի շարունակուող շրջափակումէ յետոյ Ղարաբաղն ազատօրէն շնչելու հնարաւորութիւն կ’ունենայ: Սակայն Լաչինով պատերազմը չէր վերջանար, ան նոր փուլ կը մտնէր: Ի տարբերութիւն Քելպաճարի եւ Ղարաբաղի յարակից միւս շրջաններուն, երբ ղարաբաղեան ոյժերը գրաւեցին Լաչինը` միջազգային հանրութեան արձագանգն այնքան ալ կոշտ չէր, յամենայն դէպս` Մ. Ա. Կ.ի Անվտանգութեան Խորհուրդը բանաձեւ չընդունեց:

ՙԼաչինի գրաւման փաստը որոշ իմաստով ցնցահարուածի մէջ նետած էր միջազգային հանրութիւնը, իսկ Ատրպէյճանը տակաւին չէր պատկերացներ, թէ ի՞նչ պէտք է ընէ: Ակնյայտօրէն` մեր դիւանագիտական ջանքերն օգնեցին միջազգային հանրութեանը հասցնելու համար Ղարաբաղի նկատմամբ ատրպէյճանական շրջափակումը եւ նախայարձակումը: Բայց ընդհանուր առմամբ, ատիկա ես կը վերագրէի միջազգային հանրութեան շփոթուածութեան, քան այդ հարցի նկատմամբ անոր ընկալման՚,- կ’ըսէ Ժիրայր Լիպարիտեանը:

Վահան Փափազեանն այսպէս կը մեկնաբանէ. ՙՄիջազգային հանրութեանը կը բացատրուէր, որ առանց Լաչինի` Ղարաբաղի ժողովուրդին անվտանգութիւնը լուրջ վտանգի տակ է: Բայց միայն այդ չէր: Հակամարտութիւնը նոր էր, դեռ միջազգային հանրութիւնն այս հարցով լրջօրէն չէր ալ զբաղեր, Մինսքի Խումբը նոր-նոր կը ստեղծուէր: Յետագային ալ` Լաչինի խնդիրը միշտ առանձնացուած է մնացեալ տարածքներէն, միշտ ընկալուած է, որ այդ օղակը, միջանցքն առանձնայատուկ է՚:

1992ի Մայիսի վերջերուն Եգիպտոսի մէջ գտնուող Լեւոն Տէր Պետրոսեանն ըսած է, որ Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան բացուած միջանցքը հայութեան աղէտալի վիճակը կանխելու նպատակ կը հետապնդէր, Ղարաբաղի բնակչութիւնը պարէնի ու դեղօրայքի պակասէն կը տառապէր. ՙՀայաստանն ու Ղարաբաղը մտադիր չեն երկու հանրապետութեանց միջեւ հաղորդակցութեան համար անհրաժեշտ եղող հողէն աւելին գրաւել՚:

Կարմիր Քիւրտիստան

Ամերիկացի լրագրող Թոմաս Կոլցը, 1992ին այցելելով Լաչին եւ Քելպաճար, գրած է. ՙԶարմանալիօրէն` հոն ամէն ոք կը խօսէր քրտերէն, ոչ թէ ատրպէյճաներէն՚:

Իրականին մէջ` զարմանալի բան չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ Լաչինի եւ Քելպաճարի մէջ երկու հարիւրամեակ գերազանցապէս քիւրտեր կը բնակէին, որոնք, իսլամ ըլլալով, Կովկասի թաթարներուն (յետագային` ատրպէյճանցիներ) հետ լեզուական, ծագումնաբանական եւ մարդաբանական նոյնութիւն չունէին:

10րդ դարի կէսերուն, Քուռ եւ Արաքս գետերուն միջեւ ինկած տարածքներուն կ’իշխէր քիւրտ Շատտատեան հարստութիւնը` վարչական կեդրոններ ունենալով Դուին եւ Գանձակ (Կեանճա) քաղաքները: Այս հարստութեան մէկ ճիւղը յետագային Անի քաղաքին մէջ հաստատուեցաւ: Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն քանի մը տարի յետոյ` 1064ին, սելճուք թուրքերը գրաւեցին Անին, ապա քաղաքը Շատտատեան հարստութեան ծախեցին:

Թէ քիւրտերը ե՞րբ հաստատուած են այսօրուայ Ղարաբաղի յարակից տարածքներուն մէջ` վիճելի կը մնայ: Կ’ենթադրուի, որ անոնք հոս 16-17րդ դարերուն եկած են: Մինչեւ Քարվաճառի (Քելպաճար), Քաշաթաղի (Լաչին) եւ շրջակայ տարածքներուն քրտացումը, ապա` ատրպէյճանացումը, դարեր շարունակ այս տարածքներուն մէջ` Մռաւէն մինչեւ Արաքս, գերազանցապէս հայեր բնակած են:

1923ի Յուլիսին Խորհրդային Ատրպէյճանի մէջ ստեղծուեցաւ Կարմիր Քիւրտիստանը, որուն տարածքը Քելպաճարի, Լաչինի եւ Ղուպաթլուի շրջաններուն կը համապատասխանէր: Գաւառի կեդրոն կը դառնայ Լաչին (Ապտալլար) աւանը£ Վեց տարուայ գոյատեւումէն յետոյ, Քիւրտիստանի գաւառը 1929ին վերացուեցաւ: Գաւառներուն փոխարէն` Ատրպէյճանի մէջ ստեղծուեցան վարչական նոր միաւորներ` օքրուկներ կամ շրջաններ: 1930ի Մայիսին ստեղծուեցաւ Քիւրտիստանի օքրուկը, որ տարածքով կը գերազանցէր Քիւրտիստանի գաւառը եւ Զանկելանով ու Ճեպրայիլի մէկ մասով Իրանին սահմանակից դարձաւ: Լաչինը օքրուկի վարչական կեդրոնը մնաց: 1930ի Յուլիսին, օքրուկները` որպէս վարչական միաւորներ վերացուեցան Խորհրդային Միութեան մէջ, վարչական նոր միաւորներ` շրջաններ ձեւաւորուեցան£ Քիւրտիստանի օքրուկը քանի մը ամսուայ կեանքէ յետոյ վերացուեցաւ, սակայն Քիւրտիստան անունով շրջան մը չստեղծուեցաւ£ Քրտաբնակ Քելպաճարը եւ Լաչինը, որոնք ջրբաժան էին Խորհրդային Հայաստանի եւ Լ. Ղ. Ի. Մ.ի միջեւ, նաեւ յետագայ տասնամեակներու ընթացքին կը շարունակեն քրտախօս մնալ:

Քիւրտիստանի գաւառի ստեղծումով խորհրդային ռազմավարները հաւանաբար մտադիր էին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ լարուածութիւնը նուազեցնել£ Յետագային Կարմիր Քիւրտիստանը ձեւաւորած շրջանները 1918ին վէճի առարկայ էին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ£ Փաստօրէն, Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ ո’չ թէ Ատրպէյճանն էր, այլ` քրտական վարչատարածքային միաւորը: Լաչինի 7 քիլոմեթրնոց միջանցքը 1920ական թուականներու կէսերէն յետոյ ստեղծուած է: Նախապէս, Խորհրդային Հայաստանը եւ Լ. Ղ. Ի. Մ.ը բաժնուած եղած են Հաքարի (Հաքարու) գետով, հետեւաբար` Քիւրտիստանն ալ երկու մասի բաժնուած է: Խորհրդային քարտէսներուն վրայ կ’երեւի, որ մէկ կողմէ` Գորիսի եւ Շուշիի շրջանները, եւ միւս կողմէ` Քիւրտիստանի երկու մասերը իրարմէ բաժնուած են շատ պայմանականօրէն, անոնց միջեւ բաժանարար գիծը Հաքարի գետն է: 1928էն յետոյ տպագրուած քարտէսներուն վրայ արդէն կ’երեւի քանի մը քիլոմեթրնոց միջանցք մը Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ:

1926ի մարդահամարին տուեալներով` Քիւրտիստանի գաւառին բնակչութիւնը շուրջ 51 հազար էր, որմէ քիւրտերը` աւելի քան 37 հազար, թաթարները (ատրպէյճանցիներ)` 13,5 հազար, հայերը` ընդամէնը 250£ Մինչեւ 1918ը (յետագային ձեւաւորուած) Քիւրտիստանի գաւառին մէջ մնացած էին երեք խոշոր հայկական գիւղեր` Հակը, Ալղուլին եւ Հարարը: Հակի (Մինքենդ) մէջ հայոց թիւը 800ը կ’անցնէր: 1918ի հայ-քրտական բախումներուն պատճառով հայերը կը տեղահանուին Հակէն: Ալղուլիի մէջ կը բնակէր աւելի քան հազար հայ, որոնք նոյնպէս կը տեղահանուին եւ Ղարաբաղի տարբեր բնակավայրերու ու Գորիսի մէջ կը հաստատուին: Հարարի (Աշաղը Ֆարաճան) մէջ 1918ին հայոց թիւը 1100ի կը հասնէր, մինչդեռ 1921ին գիւղին մէջ ընդամէնը հինգ տասնեակ հայ մնացած էր:

Կարմիր Քիւրտիստանի վերացումէն ետք կը սկսի քիւրտերուն ձուլումը, ինչին երկու հիմնական գործօններ կը նպաստէին: Առաջին` հաւատքի նոյնութիւնը. թրքախօս ատրպէյճանցիներն ու իրանական ծագում ունեցող քիւրտերը իսլամ են: Երկրորդ` Պաքուի քաղաքականութիւնը: Եթէ 1926ին Կարմիր Քիւրտիստանի մէջ կը բնակէր աւելի քան 37 հազար քիւրտ, ապա խորհրդային վերջին` 1989ի մարդահամարին տուեալներով, քիւրտերուն թիւը շուրջ 12 հազար եղած է Ատրպէյճանի մէջ: 1992ին միայն Լաչինի եւ Քելպաճարի մէջ քիւրտերուն թիւը քանի մը տասնեակ հազարի կը հասնէր, սակայն անոնք ատրպէյճանցի կը նկատուէին, թէեւ կը շարունակէին իրենց քրտական ինքնութիւնը պահպանել, իրարու հետ կը հաղորդակցէին նաեւ մայրենի լեզուով:

Քաշաթաղ. Հայ Դատի պաշտպանները

Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութեան աշխատակից Լուիս Օ’Նիլը ծննդեան տարեդարձին օրը` 4 Փետրուար 2005ը անցուց Ղուպաթլուի շրջանին մէջ: Օ’Նիլի ծննդեան տարեդարձին օրը կը համընկէր Քաշաթաղի դիտարկումին: Ղուպաթլուի շրջանին մէջ` Որոտան եւ Հաքարի գետերուն երկայնքով տեղաբաշխուած բնակավայրերուն մէջ փաստահաւաք խումբը տուն առ տուն կը ստուգէր մարդոց ինքնութիւնը` ուրկէ՞, ե՞րբ եւ ինչո՞ւ եկած են, ո՞վ է զանոնք բերած:

Փաստահաւաք խումբը մէկ շաբթուայ ընթացքին տասնեակ բնակավայրեր այցելեց` փորձելով ճշդել` արդեօք Հայաստանն ու Ղարաբաղը վերաբնակեցման եւ իւրացման քաղաքականութիւն կը վարե՞ն, ինչպէս կը պնդէ Ատրպէյճանը:

Դասական իմաստով` այս մարդիկ կրնան տեղաւորուիլ ՙՀայ Դատի պաշտպաններ՚ որակաւորման տակ: Իրականին մէջ` զանոնք ճակատագիրի հարուածն է այս կողմերը քշած: Մէկ մասը փախստականներ են, եւ տուն չունենալու պատճառով տանիք կը փնտրեն պատերազմական գործողութեանց հետեւանքով աւերակներու վերածուած բնակավայրերուն մէջ: Կան մարդիկ, որոնց տունը քանդած է երկրաշարժը: Քիչ չեն նաեւ անոնք, որոնք կեանքին մէջ պարզապէս ձախողակ մարդիկ են: Բնակչութեան մէկ մասը պատրաստ էր հեռանալու, եթէ Հայաստանի, Ղարաբաղի մէջ կամ այլուր հնարաւոր ըլլար արժանավայել կեանք գտնել:

Գետաշէնի մէջ տունը, կահ-կարասին եւ անցեալը կորսնցուցած 38ամեայ Արթուր Բալասանեանին փաստահաւաք առաքելութեան ղեկավար Էմիլի Հապերը հանդիպեցաւ Միջնաւանի (Մինջեւան) գլխաւոր փողոցին մէջ: Աւելի շատ 50 տարեկանի նմանող Արթուրը Միջնաւան տեղափոխուած է 1996ին: Անոր չորս որդիներէն երկուքը հոս ծնած են: Մինչ այդ, Արթուրը հիւանդ ծնողներուն հետ ապաստան գտած էր Հրազդանի առողջարանին (փանսիոնաթ), ապա Մեղրիի Նռնաձոր (Նիւվատի) գիւղին մէջ: Անոր համար Միջնաւանը կեանքի վերջին կանգառը չէ հաւանաբար, եւ, հնարաւորութեան պարագային, կը հեռանայ մէկ ուրիշ վայր, որու անունն ինքն ալ չի գիտէր:

Շրջագայութեան վերջին օրը փաստահաւաք խումբը եղաւ Բերձորի (Լաչին) եւ յարակից գիւղերուն մէջ: Աւանեսեաններուն ընտանիքը Բերձորի մէջ հաստատուած առաջիններէն է: ՙՏունէն` Մարաղայէն, մերկ դուրս եկած ենք: Սկիզբը գացինք Հրազդան, բայց հոն հնարաւոր չէր ապրիլ: Ռուսիա երթալու կը պատրաստուէինք, երբ իմացանք, որ Բերձորի մէջ բնակելու հնարաւորութիւն կայ՚,- ըսաւ Վալերի Աւանեսեանը:

Վարսիկ Սարաճեանն ընտանեօք տեղահանուած է Գետաշէնէն, ամուսինին եւ երեք երախաներուն հետ Բերձոր հաստատուած է. ՙՄենք տուն ու տեղ Գետաշէնի մէջ ձգեցինք: Բռնագաղթէն յետոյ սկիզբը բնակեցանք Վարդենիսի մէջ, բայց հոն շատ պաղ էր: Ամուսինիս ըսի` Բերձոր երթանք, բնութիւնը Գետաշէնին նման է՚:

Փաստահաւաք առաքելութիւնը 2005ի Մարտին Ե. Ա. Հ. Կ.ի մշտական խորհուրդին կը ներկայացնէ պատրաստած զեկոյցը: Անոր մէջ կ’ըսուէր, որ ՙընդհանուր առմամբ` վերաբնակեցումը շատ սահմանափակ է, կանոնաւոր, կազմակերպուած վերաբնակեցում գոյութիւն չունի, չկայ նաեւ ոչ-կամաւոր վերաբնակեցում կամ հաւաքագրում՚: Առաքելութիւնը կը նշէր վերաբնակիչներու հետեւեալ թուաքանակը. Քելպաճարի շրջանին մէջ` մօտ 1500 հոգի, Աղտամի մէջ` 800-1000 հոգի, Ֆիզուլիի մէջ` 10 հոգիէ ոչ աւելի, Ճեպրայիլի մէջ` 100 հոգիէ ոչ աւելի, Զանկելանի մէջ` 700-1000, Ղուպաթլուի մէջ` 1000-1500, Լաչինի շրջանին մէջ` 8000 հոգիէ ոչ աւելի: Զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ ՙառաքելութիւնը նշուած տարածքներուն մէջ Հայաստանի իշխանութեանց ուղղակի միջամտութեան որեւէ վկայութիւն չէ արձանագրած՚, իսկ ՙբնակիչներու ճնշող մեծամասնութիւնն Ատրպէյճանի տարբեր շրջաններէն տեղահանուած անձինք են, մասնաւորապէս` ներկայիս Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Շահումեանէն ու Գետաշէնէն, նաեւ` Սումկայիթէն ու Պաքուէն՚:

Ե. Ա. Հ. Կ.ի զեկոյցը հաստատեց, որ պաշտօնական Երեւանն ու Ստեփանակերտը բնակեցման եւ իւրացման քաղաքականութիւն չեն վարեր: Մինչդեռ եթէ Հայաստանը եւ Ղարաբաղը կամ Հայ Դատի պաշտպան սփիւռքը յաջողէին վերաբնակեցում իրականացնել` հայկական կողմը կրնար զիջումներ չկատարելու լուրջ կռուաններ ունենալ: Եթէ հնարաւոր ըլլար Խորհրդային Ատրպէյճանի մէջ տունը կորսնցուցած քանի մը հարիւր հազար հոգի վերաբնակեցնել Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներուն մէջ, միջազգային հանրութեանը գործով ապացուցել, որ ՙանվտանգութեան գօտին՚ նաեւ կենսատարածք է` բանակցային սեղանին շուրջ հայկական դիրքերն ամուր կ’ըլլային, մինչդեռ հայկական կողմն այսօր կը շրջանառէ միջազգային հանրութեան համար անհասկնալի եւ դիւանագիտութեան մէջ արժէք չներկայացնող ՙՂարաբաղը երբեք չէ եղած եւ պիտի չ’ըլլայ անկախ Ատրպէյճանի կազմին մէջ՚ պնդումը:

Հայաստանի եւ Ղարաբաղի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ փոխզիջումներու պատրաստ են, չնայած յստակօրէն չէ ըսուած, թէ որո՞նք են այդ փոխզիջումներուն սահմանները, ո՞ւր կը սկսին ՙկարմիր գիծերը՚: 1996ի Հոկտեմբերին, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը չեխ լրագրողուհի Տանա Մազալովայի ՙԴուք կ’ուզէ՞ք Ղարաբաղը միացնել Հայաստանին՚ հարցումին պատասխանած է. ՙՉեմ ըսեր, թէ պէտք է միացնենք, նաեւ չեմ ըսեր, որ պէտք է Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնանք: Բայց ոմանք տգիտութեան պատճառով կ’ըսեն, թէ ես կ’ուզեմ Ղարաբաղը ՙծախել՚ ՚:

Մէկ տարի յետոյ Տէր Պետրոսեանը որպէս բանակցութեանց հիմք, բայց վերապահումներով, ընդունելի կը սեպէր Մինսքի Խումբին ներկայացուցած առաջարկութիւնը, որով Ատրպէյճանին պիտի վերադարձուէին Ղարաբաղին յարակից տարածքները` բացառութեամբ Լաչինի շրջանի:

Երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանը փոխզիջումներու երեք ՙսահման՚ նշած է. Ղարաբաղը չի’ կրնար Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ, Հայաստանը եւ Ղարաբաղը պէտք է ցամաքային ընդհանուր սահման ունենան, Ղարաբաղը պէտք է անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ ստանայ: Քոչարեանն իբրեւ բանակցութեանց հիմք, դարձեալ վերապահումներով, ընդունելի սեպած է Մինսքի Խումբին ներկայացուցած պաշտօնական եւ ոչ-պաշտօնական քանի մը առաջարկները, որոնց մէջ յստակօրէն կը նշուէր ետ տրուելիք տարածքներուն չափը. բացի Լաչինի միջանցքէն` միւս տարածքները կարելի է վերադարձնել Ղարաբաղի կարգավիճակի դիմաց:

Երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը կը շարունակէ Քոչարեանէն ժառանգութիւն ստացած մատրիտեան առաջարկներու շուրջ քննարկումները Ատրպէյճանի առաջնորդ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այդ փաստաթուղթը (աւելի ճիշդ` նորացուած մատրիտեանը) կը սահմանէ միջանկեալ կարգավիճակի տրամադրում Ղարաբաղին (որու վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշուի անորոշ ապագային` քուէարկութեան միջոցով), այսինքն` սթաթուս քուոյի միջազգայնօրէն օրինականացում, որուն դիմաց Ատրպէյճանը կը ստանայ վեց կամ վեցուկէս շրջան` բացի Լաչինի միջանցքէն:

Վեցուկէս շրջան զիջելու պարագային իսկ Մարինէ Գրիգորեանը հերթական անգամ բնակութեան նոր վայր փնտռելու ստիպուած պիտի չ’ըլլայ: Ան ամուսինին հետ Ծիծեռնավանք տեղափոխուած է աւելի քան տասը տարի առաջ: Նախիջեւանի հայկական վերջին` Զնաբերդ գիւղին մէջ տունը կորսնցնելէ ետք Գրիգորեաններուն ընտանիքը 1988ին հաստատուած է Եղեգնաձոր, ապա Քաշաթաղի շրջան տեղափոխուած է: Մարինէն եօթը երախայ ծնած է` հինգ տղայ, երկու աղջիկ, եւ որպէս բազմազաւակ ընտանիքի մայր, պետութենէն որոշակի գումար կը ստանայ:

ՙՀողամաս ալ ունինք, անասուն կը պահենք, երախաները կը մեծցնենք՚,- կ’ըսէ փոքրամարմին ու վտիտ Մարինէն, որու ձեռքերուն երակները կը վկայեն առտուընէ մինչեւ մայրամուտ չարքաշ աշխատող հայ կնոջ մասին: Գրիգորեաններուն տունը 5-6րդ դարերուն կառուցուած Ծիծեռնավանք եկեղեցիին վարն է: Քանի մը քիլոմեթր անդին` գետի ձախ ափին, պահպանուած են Քաշաթաղի 16րդ դարի Մելիք-Հայկազեան իշխանական տոհմի ապարանքին աւերակները: Այս կողմերուն բնութիւնը հրաշալի է, վեր սլացող ժայռերը երկինք կը մխրճուին:

Մարինէն, անոր ամուսինը, եօթը երախաները եւ Ծիծեռնավանք հաստատուած միւս հայ ընտանիքները աւելի լաւ կեանքի արժանի են:

Ծիծեռնավանքի միջնակարգ դպրոցի ուսումնական մասի վարիչ Ճուլիէթա Իսահակեանը գիւղի առաջին վերաբնակիչներէն է: Ան ընտանեօք Նոր Հաճընէն եկած է: Վերաբնակեցման առաջին տարիները սոսկալի էին:

ՙՀիմա քու տեսած այս բարեկարգ տուները նախապէս չկային: Երբ 1994ին տեղափոխուեցանք` հոս միայն աւերակներ էին: Մենք աւերակներու բնակիչներ էինք: Ամէն ինչ կողոպտուած էր, լոյս չկար, քանի որ էլեկտրական լարերը տարած էին: Յատկապէս` պատերազմէն ետք եկողները հերոսներ են, քանի որ աւերակները շէնցնելու կու գան՚,- կ’ըսէ վաստակաւոր ուսուցչուհին:

Նոր Հաճընէն Ծիծեռնավանք տեղափոխուած Յովհաննէս Թաւաքալեանն ալ համաձայն է Ճուլիէթա Իսահակեանին. ՙՈւր որ մարդուն սիրտը տաք է` հոն ալ կը ստեղծէ դրախտը: Ճիշդ է ասացուածքը` ՙԱստուծոյ հաւատա’, բայց յոյսդ քու վրադ դի’ր՚: 2001ին, երբ տեղափոխուեցայ, գիտէի, որ սա Աւետեաց Երկիրը չէ, որ նախեւառաջ պէտք է աշխատիլ: Բայց շատ կարեւոր է նաեւ պետութեան ուշադրութիւնը: Վերաբնակիչները, յատկապէս` երիտասարդները կը հեռանան այս տարածքներէն: Վերջին քանի մը տարիներուն մեր եւ դրացի Տանձուտ գիւղի դպրոցէն 28 աշակերտ հեռացած է՚,- կ’ըսէ ան:

Արաքսի ափին

Մինչ Լիբանանի ՙԱրցախ՚ Հիմնադրամի անդամներն ու լիբանանահայ գործարարները կը մօտենային Արաքսին, կը լուացուէին կամ պարզապէս երկարօրէն կը նայէին ջուրի արագ ու անկանոն ընթացքին` խմբավար Զաքար Քէշիշեանը նստեցաւ գետափին ու սկսաւ շուի նուագել: Հիմնադրամի վարչութեան անդամներն ու գործարարներու խումբը ազատագրուած տարածքներ եկած էին ո’չ թէ Արաքսը այսքան մoտէն տեսնելու – թէեւ ատիկա ինքնին արդարացուած պատճառ կրնայ ըլլալ -, այլ` իրենց ներդրումը բերելու հայ մարդու արեամբ ազատագրուած հողերու վերաբնակեցման եւ բարգաւաճման գործին: Բացի ազատագրուած տարածքներէն` հայերը ուրիշ որեւէ տեղ այսքան չեն կրնար մօտենալ մայր գետին, որովհետեւ Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Իրան սահմաններն իրենց երկաթեայ փշալարերով ու դիտաշտարակներով կը շարունակեն ՙպաղ՚ պատերազմին անցեալը յիշեցնել:

ՙԱրցախ՚ Հիմնադրամի եւ լիբանանահայ գործարարներու խումբը 2009ի Օգոստոսի առաւօտեան Ստեփանակերտէն գնաց Բերձոր, հոնկէ` Հաքարի գետի հոսքի ուղղութեամբ դէպի Արաքս` ճամբուն վրայ քանի մը կանգառներ ունենալով:

Խումբին միացած էին ՙԹիւֆէնկեան՚ Հիմնադրամի Հայաստանի ներկայացուցիչ Մարօ Մաթոսեանը, Լ. Ղ. Հ.ի խորհրդարանի երեսփոխան Արմէն Սարգսեանը, Լիբանանի ջուրի եւ էլեկտրականութեան նախարար Ալէն Թապուրեանը, Պուրճ Համմուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանը, գործարար Ստեփան Տէր Պետրոսեանը` տիկնոջ ու դստեր հետ:

Մեր հրաշալի խումբին մէջ էին նաեւ գործարարներ Վաչէ Տէկիրմենճեանը, Վահան Գասարճեանը, Պետրոս Սապունճեանը, Նազարէթ Գարագաշեանը, Բիւզանդ Գէորգեանը որդիին` Վիգէնի հետ, ՙԱրցախ՚ Հիմնադրամէն Մասիս Ալեքսանտրեանը դստեր` Մարալի հետ, եւ Շողիկ Կէօնճեանը: Մեզի միացան նաեւ ՙԹիւֆէնկեան՚ Հիմնադրամի գործարարական ծրագիրները համակարգող Էտիկ Գրիգորեանը, Քաշաթաղի շրջանի Վերաբնակեցման Վարչութեան պետ Ռոպէրթ Մաթեւոսեանը, ինչպէս նաեւ Զաքար Քէշիշեանը` տիկնոջ` Քամիլայի հետ:

Քաշաթաղի շրջանի տարածքով կ’անցնին Հայաստանը եւ Արցախը զիրար կապող ցամաքային չորս ճամբաներէն երեքը. Գորիս-Բերձոր-Ստեփանակերտ (սա հիմնական եւ միակ բարեկարգ ուղին է), Գորիս-Քաշունիք (Ղուպաթլու)-Հատրութ-Ստեփանակերտ, Կապան-Կովսական (Զանկելան)-Հատրութ-Ստեփանակերտ: Հայաստանը Արցախին կապող ցամաքային չորրորդ ճամբան կ’անցնի Քարվաճառով (Քելպաճար)` Վարդենիս-Զոտ-Քարվաճառ-Դադիվանք-Մարտակերտ:

2008ի Մարտին Բերձոր քաղաքին մէջ ՙԹիւֆէնկեան՚ Հիմնադրամը Քաշաթաղի զարգացման նուիրուած համահայկական խորհրդաժողով մը կազմակերպած էր` նպատակ ունենալով ծանօթացնել շրջանի ներդրումային հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ` ուշադրութիւն հրաւիրել ազատագրուած տարածքներու խնդիրներուն, դժուարութիւններուն ու շրջանի ռազմավարական կարեւորութեանը Ղարաբաղի եւ Հ. Հ.-Լ. Ղ. Հ.ի ցամաքային կապի ամրապնդման տեսանկիւնէն: Այդ խորհրդաժողովին գործնական արձագանգը լիբանանահայ գործարարներու այցն էր:

Քաշաթաղ այցելութեամբ` խումբը երկու նպատակ կը հետապնդէր. ՙԱրցախ՚ Հիմնադրամը կը շարունակէր նախորդ տարիներէն սկսած բարեգործութիւնը` իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ ծնած երրորդ երախային մէկ կով կը նուիրէր, իսկ միւս գործարարները կը ծանօթանային շրջանի ներդրումային հնարաւորութիւններուն: Իրականին մէջ` երկու գործերը միաժամանակ կը կատարուէին, իսկ որոշ գործարարներ կը մասնակցէին նաեւ կով բաշխելու եւ անասուններու ականջներուն յատուկ գործիքով թիւեր ամրացնելու ոչ-դիւրին աշխատանքին: Ամենաարհեսստավարժը ՙԱրցախ՚ Հիմնադրամի ատենապետ Մելքոն Յակոբեանն էր, որ նախորդ տարիներուն փորձ կուտակած էր:

ՙԱրցախի համար ինչ ալ ընենք` բան մը ըրած չենք ըլլար: Ի գին ամէն զոհողութեան` պէտք է Արցախին օգնենք: Մենք կռուեցանք մեր հողերը ազատագրելո’ւ, ո’չ թէ դիմացինին հողերը յափշտակելու համար: Մեր պատկերացմամբ` Արցախի հզօրութիւնը անոր բնակչութեան թիւէն կու գայ: Ամէն ինչ պէտք է ընել, խրախուսել, որ բնակչութեան թիւը աւելնայ՚,- կ’ըսէ Յակոբեանը: Զայն տպաւորած է ազատագրուած տարածքներուն մէջ բնակող մարդոց արժանապատուութիւնը: Անոնք, անշուշտ, մեծ ուրախութիւն կ’ապրին, երբ օգնութիւնը կը ստանան, սակայն չտեսի տպաւորութիւն չեն ձգեր: ՙԸնդհակառակը, այդ մարդիկ մեզ իրենց չունեցածէն կը հիւրասիրեն՚:

ՙԱրցախ՚ Հիմնադրամը 2009ին աւելի քան 150 դիմում ստացած է: Երբեմն կովի ականջ ծակելու արարողութիւնը կատակերգութեան կը վերածուէր: Կը պատահէր, որ, օրինակ, կովը անընդհատ գլուխն ու ականջները կը թափահարէր եւ գործը կը դժուարացնէր: Յաճախ, անասունը քանի մը գործարար իր ետեւէն վազցնել կու տար: Սակայն, երբեմն, անասունը պատրաստ կը կանգնէր եւ կը հնազանդէր:

Հաքարի եւ Գետամէջ գիւղերուն մէջ երեք կով բաժնելէն ետք խումբը կանգ առաւ Իշխանաձորի մէջ, ուր ՙԱրցախ՚ Հիմնադրամը վառելանիւթերու եւ ինքնաշարժերու պահեստամասերու վաճառքի կէտ մը կը շինէ: Հաքարի գետին երկայնքով շարունակեցինք ընթացքը, ապա կամուրջով կտրելով գետը, շարժեցանք արեւմտեան ուղղութեամբ` դէպի Կովսական, որ Քաշաթաղի շրջանով հոսող մէկ ուրիշ գետի` Ողջիի ափին կը գտնուի: Լիբանանահայ գործարարները եղան քաղաքի հիւանդանոցին մէջ, զոր Քաշաթաղի շրջանի հարաւային գօտիի երկու տասնեակ գիւղերու բնակիչներուն կը սպասարկէ:

Կովսականէն շարժեցանք Արաքսի ափ, հոն, ուր Ծաւ գետը Արաքսին կը միանայ: Կարճ հանգիստէ մը յետոյ գացինք Միջնաւան, ուր հինգ կով բաժնուեցաւ: Վերջաւորութեան, լիբանանահայ գործարարները նկարուեցան ընտանիքներու հետ` լաւ ու բարի յիշողութիւններու համար:

Բիւզանդ Գէորգեանը պատերազմի տարիներուն Ղարաբաղի բանակին 12 հազար զոյգ զինուորական կօշիկ նուիրած է: Տարիներ անցած են, եւ այժմ, ուրիշ գործարարներու միանալով, ան Քաշաթաղ եկած էր ներդրումներ կատարելու մտադրութեամբ: Ան Լիբանան կը վերադառնայ աւելի մեծ վստահութեամբ ու համոզումով, որ իրենց նախաձեռնութեան լիբանանահայ ուրիշ գործարարներ կը միանան: Ազատագրուած տարածքները բնակեցնելու համար հայրենասիրութիւնը կարեւոր է, բայց մարդուն համար պէտք է ապրելու արժանավայել պայմաններ ստեղծել: ՙՔաշաթաղի շրջանի գիւղացիները պէտք է լաւ ապրին, որպէսզի կարենան այս հողին վրայ մնալ՚,- կ’ըսէ Գէորգեանը:

1992ի Մայիսէն ի վեր, երբ հայկական ոյժերը բացին Լաչինի մարդասիրական միջանցքը, Կարօ Պայթարեանը շատ անգամ Ղարաբաղի մէջ եղած է: Ան կը յիշէ եւ կը համեմատէ` գետնի վրայ հսկայական աշխատանք կատարուած է: Պայթարեանը վստահ է, որ լիբանանահայ գործարարները ազատագրուած տարածքներուն մէջ ներդրումներ կ’ընեն: ՙԱմէն երկիր ներդրումներու համար վտանգներ ունի, սակայն մեր նպատակն այս տարածքներուն մէջ դրամ շահիլը չէ, այլ` Քաշաթաղի տնտեսական զարգացման օգնելը: Եթէ Քաշաթաղի մէջ մարդիկ աւելի լաւ ապրիլ սկսին` բնակչութիւնը կ’աւելնայ՚:

Այս տարածքներու մարդիկ բազմաթիւ դժուարութիւններ ունին: Անոնց մէկ մասը զրկանքներով կ’ապրի, երախաներուն մէկ մասը կը թերսնուի, ճամբաները բարւօք չեն, իսկ շուրջդ աւերակներ են: Կը պատահի, որ քիլոմեթրներ կ’անցնիս եւ ինքնաշարժի կամ մարդու չես հանդիպիր:

Ղարաբաղի մէջ գտնուելու օրերուն լիբանանահայոց խումբը երկու հանդիպում ունեցաւ Լ. Ղ. Հ.ի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ: Բեն Պչաքճեանը խումբի անունէն վարչապետին ըսաւ, որ բարեսիրութենէն անդին կարեւոր է, որ Քաշաթաղի շրջանը զարգանայ եւ կարենայ գոյատեւել:

ՙՄենք Պէյրութի մէջ հանդիպում մը կազմակերպեցինք լիբանանահայ շուրջ 100 յաջողակ գործարարներու հետ` փորձելով զանոնք առնչակից դարձնել Քաշաթաղի շրջանի խնդիրներուն: Այդ մարդիկ լաւապէս կը գիտակցին, որ Քաշաթաղը այն շրջանը չէ, ուր ներդրումներ ընելով հնարաւոր է մեծ եկամուտներ ակնկալել: Մեր գործունէութիւնը պէտք է շարունակական ըլլայ եւ Քաշաթաղի տնտեսական զարգացման նպաստէ: Մենք հոս գործ դնելու լուրջ նպատակ ունինք: Եթէ յաջողինք արդիւնքներու հասնիլ` վստահ եղէ’ք, որ սփիւռքի ուրիշ գաղութներու գործարարներ ալ մեզի պիտի հետեւին՚»: